2016-09-21 08:59:00

Կրօններու խաղաղութեան ի սպաս յաջորդ հանդիպումը Ուեսթֆալիայի մէջ` 2017-ին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ասսիզիի մէջ 20 սեպտեմբեր 2016-ին­, Սանդ Էճիտիոյի հասարակութեան կողմէ կազմակերպուած` խաղաղութեան ի սպաս միջ կրօնական հանդիպումի աւարտին, որուն` ի շառս 500 կրօնական ու քաղաքական պատուիրակներու, իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, յայտարարուեցաւ թէ Կրօններու խաղաղութեան ի սպաս յաջորդ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ 2017-ի սեպտեմբերին Գերմանիոյ` Ուեսթֆալիայի մէջ ուր երեք դարեր առաջ, 1648-ին, ստորագրուած էր խաղաղութեան պայմանագիրը որ վերջ կը դնէր 30 տարուայ պատերազմին ու կը հաստատէր կրօնական փոքրամասնութիւններու յարգանքը Եւրոպայի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.